
FOR IMMEDIATE RELEASE
5 Դեկտեմբեր 2019
ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութիւնը կը դատապարտէ ՀՀ իշխանութիւններու հակաժողովրդավար կեցուածքը՝ ՀՅԴ ՀԵՄի անդամներու ազատ արտայայտման, իրաւունքի զրկման եւ խաղաղ նստացոյցը ոստիկանական բիրտ ուժով կասեցնելու առնչութեամբ։
Ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքներուն հակադրուող այս գործելաոճը, կը խախտէ ՀՀ սահմանադրութեան «Կարծիքի արտայայտման իրաւունքը» խորագրեալ 42-րդ յօդուածը։
Կը զօրակցինք ՀՅԴ ՀԵՄի մեր ընկեր-ընկերուհիներուն խօսքի ազատ արտայայտման իրաւունքին՝ եւ ազգային մեր անժամանցելի արժէքներուն տէր կանգնելու յանձնառութեան։
ՀՅԴ ԳԵՄ